2012-09-12 13:32:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Ներկայացնող Պաստառներ Զետեղուած` Լիբանանու Իսլամական Շրջաններու Մէջ։


Մի քանի օրէն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը կը ժամանէ Լիբանան ու ամիսներէ ի վեր մեծ պատրաստութիւններ կը տեսնուին ընդունելու համար Սուրբ Պետրոսի յաջորդը որ Մայրիներու երկիրը կ՛այցելէ միջին արեւելքի եկեղեցիներուն յանձնելու 2010-ի գումարուած միջին արեւելքի եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսէն յառաջ եկած յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրը։ Այս առթիւ Լիբանան կը ժամանեն նաեւ արաբական աշխարհի կաթողիկէ եկեղեցիներու պատրիքրներն ու եպիսկոպոսները ինչպէս նաեւ բազմահազար հաւատացեալներ։
Ռատիովատիկանի հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին Սրբազան Քահանայապետի Լիբանանի ճամբորդութեան ընդհանուր համադրող Հայր Մարուան Թապէթ յայտարարած է թէ՝ բացի քրիստոնեաներէն Լիբանանու իսլամ բոլոր համայնքերը եւս կը պատրաստուին ընդունելու՝ Սրբազան Քահանայապետը եւ թէ նոյնիսկ մեծամասնութեան իսլամ թաղամասերու մէջ զետեղուեցան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ներկայացնող պաստառներ։ Այս մէկը շատ կարեւոր երեւոյթ մըն է մանաւանդ որ մի քանի իսլամ կրօնապետեր իրենց համագործակցութեան ցանկութիւնը ներկայացուցած են որպէսզի Սրբազան Քահանայապետին այս այցելութիւնը յաջողութեամբ պսակուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.